Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորումը շաբաթ օրուընէ սկսեալ կը դատարկէ Ճարապլուս քաղաքը: Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցող աղբիւրներ կը նշեն, որ Տահէշ կը ստիպէ Թուրքիոյ հետ սահմանային Ճարապլուսի բնակիչները, որպէսզի լքեն իրենց տուները: Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին, խմբաւորումը այս քայլին կը դիմէ նպատակ ունենալով ականապատել ամբողջ քաղաքը, ինչպէս նոյնը կատարած էր Թատմորի եւ սուրիական այլ քաղաքներու մէջ: Ճարապլուսը կը համարուի Թուրքիայէն դէպի Սուրիա ներթափանցող ահաբեկիչ զինեալներու հիմնական անցքերէն մին: Յիշեցնենք, որ արեւմտահայութեան գաղթի շրջանէն ետք Ճարապլուսը Հալէպի կողքին եղած է սուրիահայութեան գլխաւոր գաղթակայաններէն մին, ու հոն ապրող հայութիւնը ունեցած է եկեղեցի եւ վարած է համայնքային կեանք: Բերիոյ Թեմի նախկին առաջնորդին կարգադրութեամբ, տարիներ առաջ Ճարապլուսի եկեղեցին վաճառուեցաւ, շրջանին մէջ հայութեան թիւի մեծ անկումին եւ աւելի ուշ չքացումին հետեւանքով: