image

Սուրիոյ Բանակը Կը Ճակատի Տահէշի Դէմ Հոմսի Մէջ

Սուրիոյ Բանակը Կը  Ճակատի Տահէշի Դէմ Հոմսի Մէջ

Սուրիա- («Ալ-Հայաթ»- Լոնտոն)- Սուրիական վարչակարգի ուժերն ու համակիր զինեալները երեքշաբթի օր երկրի կեդրոնական տարածքին սուր մարտեր մղած են «Տահէշ»ի դէմ, ռուսական օդուժի օժանդակութեամբ, որու շնորհիւ երկու օր առաջ մեծ պարտութեան մատնած էին կազմակերպութիւնը, իրենց հսկողութիւնը վերահաստատելով պատմական Թատմոր քաղաքին վրայ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ-Հայաթ», նշելով, որ սուրիական մարդու իրաւունքներու դիտորդի համաձայն, երէկ  երկու կողմերու միջեւ սուր բախումները շարունակուած են Հոմսի հարաւարեւելեան արուարձանը գտնուող Քարիաթայն (երկու գիւղեր) քաղաքի շրջակայքը,  որուն զուգորդած են սուրիական եւ ռուսական օդուժի կողմէ տեղացած օդային յարձակումները՝ բախման գօտիներուն: Սուրիական ռազմական աղբիւր մը նաեւ յայտնած է, որ  Քարիաթայնը կը ներկայանայ բանակի յաջորդ նպատակակէտը՝ Թատմորէն ետք, որուն շրջակայքը գտնուող ամբողջ լեռնային տարածքը արդէն կրցած էր իր վերահսկողութեան տակ առնել երեքշաբթի գիշեր եւ նոր ռազմական միջոցներ մատակարարած էր այդ շրջան, ամրապնդելով իր դիրքերը: