Սուրիա- Սուրիական բանակի զինուոր Յաբէթ Մանուկ Աբրիկեան զոհուած է Զապատանի շրջանին մէջ մղուող մարտերուն ընթացքին: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Հալէպի «Գանձասար» պարբերականի Ֆէյպուքեան էջը: Նշենք, որ Աբիկեան 1993-ի ծնունդ էր: 2011-ին սկիզբ առած սուրիական պատերազմին հետեւանքով զոհուած հայերուն թիւը անցած է 200-ը: