Ֆիլիփինի օդուժի չորս օդաչու զոհուած է Պաթանկասի մէջ ուսումնական թռիչքի ընթացքին SF-260 տիպի երկու օդանաւերու կործանման հետեւանքով։ Այս մասին կը հաղորդէ Philippine Daily Inquirerը։
Միջադէպի կապակցութեամբ՝ Ֆիլիփինի օդուժը ժամանակաւորապէս կասեցուցած է բոլոր թռիչքները՝ օդանաւային աղէտին պատճառներու քննութեան ընթացքին։
Ֆիլիփինի օդուժին տուեալներով՝ երկու օդանաւերն ալ կործանած են Լիպա քաղաքի «Ֆերնանտօ» օդային խարիսխին սահմաններուն մէջ։