image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիական Բանակի Հայ Զինուոր Յաբէթ Աբիկեան Զոհուած Է Զապատանիի Մէջ

Սուրիական Բանակի Հայ Զինուոր  Յաբէթ Աբիկեան   Զոհուած Է  Զապատանիի Մէջ

Սուրիա-  Սուրիական բանակի զինուոր  Յաբէթ Մանուկ Աբրիկեան   զոհուած է Զապատանի շրջանին մէջ  մղուող մարտերուն ընթացքին: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ       Հալէպի «Գանձասար»  պարբերականի   Ֆէյպուքեան  էջը: Նշենք, որ  Աբիկեան   1993-ի ծնունդ էր:  2011-ին  սկիզբ առած սուրիական  պատերազմին     հետեւանքով      զոհուած  հայերուն թիւը  անցած է 200-ը: