Մէկէ աւելի լրատուական աղբիւրներ այսօր լուր հրապարակած են այն մասին, որ անցնող տարիներուն Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով Լիբանանի տարբեր շրջաններ «հաստատուած» սուրիացի գաղթականներ կրնան տեղափոխման ենթարկուիլ: Այդ աղբիւրները, նոյնպէս կը հաղորդեն, թէ Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամ, որ աշխատանքային այցով Նիւ Եորք կը գտնուի, սոյն թեման քննարկած է ՄԱԿ-ի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն եւ յատկապէս ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար ՝ Պան Քի Մունին հետ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ լիբանանեան կողմը առաջարկած է փախստականները տեղաւորել եւ բնակեցնել Սուրիա-Լիբանան սահմանային հատուածներուն մէջ: Կը յայտնուի նաեւ, որ այդ հատուածները կը համարուին ապահով գօտիներ եւ կը գտնուին լիբանանեան բանակի տիրապետութեան տակ: Նշենք, որ վերջին ամիսներուն Լիբանանի քաղաքական կողմերուն հիմնական մտահոգութիւնը եղած է փախստականներու հարցը ու այդ կողմերը մտավախութիւններ ունին, որ գաղթականներու թեման, որ ցարդ «լարուած ուժանակ»ի կարգավիճակ ունի, կրնայ «պայթիլ» Լիբանանը տանելով անկանխատեսելի արդիւնքներ ունեցող բարդ դրութեան մը: Ըստ կարգ մը ոչ- պաշտօնական վիճակագրութիւններու, Սուրիայէն Լիբանան հասած գաղթականներու թիւը կը հասնի մինչեւ 2 միլիոնի, որոնց մեծագոյն տոկոսը կ'ապրին շատ ծանր պայմաններու մէջ: