«Սուրիոյ Գործարարներու գրասենեակ»ի հայազգի նախագահ՝ Լեւոն Զաքի, որ օրեր առաջ խօսած է սուրիական «Ալ Ուաթան» օրաթերթին, բացայայտած է, թէ Սուրիա մտադիր է իր արտադրութիւնները եւրասիական շուկայ հասցընել Հայաստանի վրայով: Զաքի նաեւ ըսած է, որ Սուրիոյ շահագրգրուած է Ռուսաստանի, Պէլառուսիոյ Ղազախստանի եւ բնականաչբար Հայաստանի շուկաներով: Ըստ հալէպահայ գործարարին, Հայաստանի կառավարութեան կողմէ երեuցած պատրաստակամութիւնը եւ ընծայուած դիւրութիւնները առիթ պիտի հանդիսանան, որ Դամասկոս յաջողի շրջանցել Արեւմուտքի կողմէ անոր դէմ դրուած տնտեսական արգելքները եւ պատիժները: Զաքի մատնանշած է, որ սուրիական կողմին համար կայ նաեւ դէպի Հայաստան տարրական հումքեր արտածելը, ուր տեղի պիտի ունենայ արտադրութիւններու պատրաստութիւն ու անկէ ետք, որպէս հայկական արտադրութիւններ դէպի խոստումնալից շուկաներ արտածելու:
Լեւոն Զաքի, նաեւ խոսած է Սուրիոյ վերաշինութեան մասին նկատել տալով, որ անհրաժեշտ է՝ համատեղ տնտեսական համագործակցութեան մէքանիզմներ ստեղծել հայ գործարարներու եւ պաշտօնական կողմերու միջեւ:
Լուրի աղբիւր Russia TV