image

ԱՄՆ մտադիր է համոզել Թուրքիան, որ հրաժարի C-400-ի գործարքէն

ԱՄՆ մտադիր է համոզել Թուրքիան, որ հրաժարի C-400-ի գործարքէն

 

Ուաշինկթընը կը շարունակէ զգուշացնել Թուրքիային Ռուսաստանէն С-400 զենիթահրթիռային համակարգեր գնելու բացասական հետեւանքներու մասին, յիշեցնելով, որ այն կը հակասէ Անգարայի` որպէս ՆԱԹՕ-ի անդամ պարտաւորութիւններուն: Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ պետական բաժանմունքի պաշտօնական ներկայացուցիչ Նետ Փրայսը, գրած է EADaily լրատուականը:

«Ռուսական С-400-ներն անհամատեղելի են ՆԱԹՕ-ի սպառազինութեան հետ, կը սպառնան ՆԱԹՕ-ի արհեստագիտութիւններու անվտանգութեան, անոնք չեն համապատասխաներ Թուրքիոյ` որպէս ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութեան պարտաւորութիւններուն: Մենք նախազգուշացուցած ենք եւ կը շարունակենք զգուշացնել Թուրքիան՝ չընդունիլ այս համակարգը»,-ըսած է Փրայսը ճեպազրոյցի ժամանակ:

Անոր խօսքով` Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի կարեւոր անդամ է, ուստի կարեւոր է, որ այդ երկիրն ինքը գիտակցի С-400-ի ձեռքբերման եւ դաշինքի շրջածիրէն ներս ստանձնած պարտաւորութիւններու անհամապատասխանութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ С-400 համակարգերու գնման շուրջ բանակցութիւններու մասին առաջին անգամ յայտնի դարձած էր 2016-ի նոյեմբերին, իսկ վաճառքի մասին պայմանագիրը կնքուած էր 2017-ի սեպտեմբերին, ընդ որում՝ ձեռք բերուած զենիթահրթիռային 4 միաւոր համակարգերու արժէքը 2,5 միլիառ տոլար կազմած է: