image

Stop Erdoghan. Ամերիկեան թերթը Էրտողանը զսպելու մասին գովազդ հրապարակած է

Stop Erdoghan. Ամերիկեան թերթը Էրտողանը զսպելու մասին գովազդ հրապարակած է

Գովազդը, որ կոչ կ'ընէ կանգնեցնել Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը, որ բանտ կը նստեցնէ լրագրողները, յայտնուած է ազդեցիկ «The New York Times»-ի էջերուն։

Գովազդը հրապարակուած է մամուլի ազատութեան օրուայ առիթով, «Սթոքհոլմի խաղաղութեան հիմնարկի» կողմէ, կը տեղեկացնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը։ «Էրտողանի կառավարութիւնը բանտ կը դնէ աւելի շատ լրագրողները, քան աշխարհի միւս բոլոր կառավարութիւնները միասին»,- ըսուած է հրապարակման մէջ։