Թուրքիա, Շըրնաք-(«Թուտէյզ Զաման»- Պոլիս)- Էմինէ Էսմէր, որ Շըրնաքի Սիլոփիի շրջանի համանախագահ թաղապետն է եւ որ ընտրուած էր Քրտամէտ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան (HDP) ցանկով, ուրբաթ առաւօտեան ձերբակալուած է ոստիկանութեան կողմէ: Այս մասին կը գրէ «Թուտէյզ Զաման», նշելով, որ Էսմէր ձերբակալուած էր իր վարորդի՝ Ճեմալ Եիկիթի հետ միասին, երբ ան կը գտնուէր քաղաքապետական շէնքին մէջ: Աղբիւրի համաձայն, Էսմէր եւ Եիկիթ տեղափոխուած են ոստիկանութեան բաժանմունք: Մինչ կալանաւորման պատճառը կը մնայ անյայտ, կը նշուի, որ ձերբակալեալ զոյգը արդէն կարճ շրջանի մը համար բերման ենթարկուած էին փետրուար ամսու վերջերը, շարք մը մեղադրանքներով, ինչպիսիք են՝ արգիլուած կազմակերպութեան անդամ ըլլալը, ապօրինի գործողութիւններ ձեռնարկել եւ անօրինական կազմակերպութիւններուն թոյլատրել հանրային սեփականութեան օգտագործումը, սակայն անոնք երկուքն ալ դատարանի կողմէ ազատ արձակուած էին մինչեւ դատավարութեան օրը: