(Լրատուական Գործակալութիւններ) Սէուտական Արաբիա խզեց իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ: Այս մասին յայտարարեց Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարար Ատէլ Ժուպէյր: Ժուպէյր նաեւ յայտնեց, որ իրանցի պատասխանատուներուն կատարած յայտարարութիւնները թշնամական են, եւ ան դատապարտեց Թեհրանի եւ Մաշհատի Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատուներուն դէմ եղած յարձակումները: Ժուպէյր նաեւ ըսաւ, որ իրենք այս խնդրով գանգատ ներկայացուցած են ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդին մօտ: Յիշեցնենք, որ Սէուտական Արաբիա 46 այլ մեղադրեալներու կողքին մահապատիժ կիրառած էր Սէուտցի Շիիթ կրօնաւոր ՝ Նըմըր Պաքէր Ալ Նըմըրին դէմ, որմէ ետք երկու երկիրներուն միջեւ առկայ յարաբերութիւնները կտրուկ լարում ապրած էին: