Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ անդամ Սէլինա Տողան այցելութիւն տուած է Ռումանիոյ Հայոց Ազգային Առաջնորդարան: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Անգարայի իր աղբիւրէն, որ նաեւ յայտնեց, թէ տիկին երեսփոխանը ընդունուած է Ռումանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպս. Յակոբեանին կողմէ: Սրբազանին հետ հանդիպման միացած է ռումինահայ գաղութի երեւելի գործիչներէն նախկին նախարար Տիար Վարուժան Ոսկանեան: Ոսկանեան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցած է գաղութի ընդհանուր իրավիճակին եւ առկայ խնդիրներուն վերաբերեալ, նշելով նաեւ, որ Ռումանիոյ կառավարութիւնը տարեկան կտրուածքով 1 միլիոն եւրո կը տրամադրէ տեղի հայկական համայնքին: Սէլինա Տողան նաեւ այցելած է Ռումանիոյ խորհրդարան, ուր հանդիպում ունեցած է Ռումանիոյ խորհրդարանի հայ անդամ Տիար Վարուժան Փամպուքճեանին կողմէ: Վերջինս փափաք յայտնած է այցելութիւն տալ Ատանա, ուրկէ կը սերին իր արմատները: Քննարկուած են երկուստէք հետաքրքրութեան առանցք եղող հիմնահարցեր եւ կողմերը կարեւորած են երկու հայկական՝ պոլսահայ եւ ռումինահայ համայնքներուն միջեւ յարաբերութեանց զարգացումն ու կապերու ամրապնդումը: Նշենք, որ Սէլինա Տողանի սոյն այցը կ'իյնայ Թուրքիոյ խորհրդարանի Եւրոպայի հետ յարաբերութեանց զարգացման յանձնաժողովի եւրոպական երկիրներ կատարած այցերու շրջագծին մէջ:

