Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը երէկ Չորեքշաբթի 28 Հոկտեմբերի կէսօրին այցելեց Անթիլիաս ու տեսակցեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Տիգրանեան, փոխ ատենապետ պետական երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեան եւ վարչութեան անդամ Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան: Մօտ ժամ մը տեւած տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան հայ ազգային կեանքը յուզող հարցերը, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները եւ զանոնք զարգացնելու միջոցները: Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը վեհաբառ հայրապետին հետ կեդրոնացաւ սուրիահայերուն խնդիրներուն եւ զանոնք լուծելու գաղափարներուն վրայ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ Հայաստանի, Լիբանանի եւ Սփիւռքի այլ գաղթօճախներու մէջ կայացած ձեռնարկներուն ու նախաձեռնութիւններուն, նաեւ անոնց արդիւնքներուն: