image

Արամ Ա. Վեհափառին Հռոմի մէջ դիմաւորած են Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանն ու Վատիկանի մօտ ՀՀ դեսպան Կարէն Նազարեանը

Արամ Ա. Վեհափառին  Հռոմի մէջ դիմաւորած են Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանն ու Վատիկանի մօտ ՀՀ դեսպան Կարէն Նազարեանը

Լիբանանի   խաղաղութեան եւ ապահովութեան համար   կոչով հանդէս  եկաւ  Ֆրանչիսկոս  Քահանայապետը, որ 29 Յունիսին, Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս առաքեալներու տօնին առթիւ հանդիսաւոր արարողութեան վերջաւորութեան հորդորեց բոլոր աշխարհի հաւատացեալներուն աղօթելու, Հինգշաբթի 1 Յուլիսին, երբ Լիբանանի բոլոր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու  առաջնորդներ , Վատիկանի մէջ Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորութեամբ կը հանդիպին միասնաբար խորհրդակցելու եւ աղօթելու Լիբանանի խաղաղութեան եւ ապագայի կապակցութեամբ։Վատիկանի մէջ այս միասնական աղօթքի եւ խորհրդակցութեան օրուան իր մասնակզութիւնը կը բերէ Մեծի Տանն Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա., որ այսօր՝ 30 Յունիսին ժամանեց Հռոմ։

     Օդակայանին մէջ Արամ Վեհափառին դիմաւորեցին Սուրբ Աթոռի մօտ Հայ Եկեղեցւոյ Ներկայացուցիչ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի Հանրապետութդան դեսպան Տիար Կարէն Նազարեան։