Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորած է Սերպիոյ ընտրութիւնները յաղթած «Ուսանողական շարժում» կուսակցութեան։
«Շնորհաւորում եմ «Ուսանողական ցուցակին» եւ ուսանողական շարժմանը՝ Սերբիայում ընտրական յաղթանակի առթիւ։ Հայաստանը պատրաստակամ է աշխատելու Սերբիայի յաջորդ կառավարութեան հետ՝ մեր վաղեմի բարեկամութիւնն ու երկկողմ համագործակցութիւնն էլ աւելի ամրապնդելու համար»,– գրած է Փաշինեանը։
Յիշեցնենք, որ երէկ կայացած ընտրութիւններուն ուսանողներու գլխաւորած ընդդիմադիր ուժը, նախնական արդիւնքներով, ստացած է ձայներու աւելի քան 50 տոկոսը՝ ապահովելով խորհրդարանական մեծամասնութիւն։