image

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Պատասխանատուներ Արամ Ա. Վեհափառին Այցելեցին

ՍԴՀԿ  Կեդրոնական Վարչութեան   Պատասխանատուներ   Արամ Ա. Վեհափառին  Այցելեցին

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը երէկ Չորեքշաբթի 28 Հոկտեմբերի կէսօրին այցելեց Անթիլիաս ու տեսակցեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ  Յակոբ Տիգրանեան, փոխ ատենապետ պետական երեսփոխան  Սեպուհ Գալփաքեան եւ վարչութեան անդամ  Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան: Մօտ ժամ մը տեւած տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան հայ ազգային կեանքը յուզող հարցերը, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները եւ զանոնք զարգացնելու միջոցները: Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը վեհաբառ հայրապետին հետ կեդրոնացաւ սուրիահայերուն խնդիրներուն եւ զանոնք լուծելու գաղափարներուն վրայ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ Հայաստանի, Լիբանանի եւ Սփիւռքի այլ գաղթօճախներու մէջ կայացած ձեռնարկներուն ու նախաձեռնութիւններուն, նաեւ անոնց արդիւնքներուն: