image

Սա ապագայի ընտրութիւն է, քաղաքացու պատասխանատուութիւնը ցուցաբերելու պահը. Արմէն Սարգսեան

Սա ապագայի ընտրութիւն է, քաղաքացու պատասխանատուութիւնը ցուցաբերելու պահը. Արմէն Սարգսեան

Երեւանի 9/59 ընտրատեղամասէն ներս իր քաղաքացիական պարտքը կատարած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը: Քուէարկութենէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ան շնորհաւորած է է հայ ժողովուրդին ընտրութիւններու օրուան առթիւ՝ կոչ ընելով անպայման երթալ ընտրատեղամասեր եւ մասնակցիլ ընտրութեան:

«Քանի որ ընտրութիւնը մեր ժողովրդի կարեւորագոյն իրաւունքն է, հետեւաբար սա տօն է, իսկ տօնը մեր ժողովուրդը պէտք է նշի՝ գնալով ընտրատեղամաս եւ կատարելով ազատ եւ անկաշկանդ ընտրութիւն: Սա ապագայի ընտրութիւն է, քանի որ իւրաքանչիւրը պէտք է մտածի իր ընտանիքի, երեխաների եւ այն պատասխանատուութեան մասին, որն ինքը կրում է: Սա քաղաքացու պատասխանատուութիւնը ցուցաբերելու պահն է»,- ըսած է նախագահ Սարգսեանը: