image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսաստանի նախագահը կը գտնուի Սուրիա. Ան հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ

Ռուսաստանի նախագահը կը գտնուի Սուրիա. Ան հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ

Ռուսաստանի դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր անակնկալ այցելութեամբ ժամանած է Սուրիա: Ան ժամեր առաջ հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Մայատին» կայանը, նշելով, որ հանդիպումը կայացած է Դամասկոսի ռուսական ուժերու գլխաւոր կեդրոնին մէջ:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ հանդիպման ներկայ եղած է Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Շոյկոն: 

Կը նշուի նաեւ, որ հանդիպման ընթացքին Սուրիա յատուկ առաքելութեամբ գտնուող Ռուսաստանի ուժերու գլխաւոր շտապի պետը եւ հրամանատարները յատուկ վերլուծում մը եւ ընդհանուր տեղեկագիր մը ներկայացուցած են Սուրիոյ այսօրուայ ընդհանուր իրավիճակի մասին:


Լուսանկարը՝ Սուրիոյ  նախագահութեան «Թելեկրամ»ի  պաշտօնական էջէն։