image

Սիւնիք ապա Արցախ. Ամենայն Հայոցին կ՚ընկերանայ նաեւ ՀԲԸՄ-ի նախագահը

Սիւնիք ապա Արցախ. Ամենայն Հայոցին կ՚ընկերանայ նաեւ ՀԲԸՄ-ի նախագահը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ն Ամենայն Հայոց հայրապետը ընկերակցութեամբ հոգեւորական դասու ներկայացուցիչներու այսօր առաւօտ ուղեւորուած է Սիւնիք։

Կը սպասուի, որ Վեհափառ հայրապետը արարողութիւններու նախագահէ Գորիսի մէջ ու ապա շարունակէ իր երթը դէպի Արցախ։

Ինչպէս երէկ յայտնած էինք, այս այցելութեան Վեհափառ Հայրապետին պիտի ուղեկցի ՀԲԸՄ-ի նախագահ Տիար Պերճ Սեդրակեան, որ օրերս կը գտնուի Երեւան։

իշեցնենք, որ վեհափառի այս այցը առաջինն է Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ասդին։