Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը 5 յունիսին ընդունած է Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Երախտագիտութիւն յայտնելով միութեան ազգանուէր գործունէութեան համար՝ երկրի ղեկավարն այդ ծիրէն ներս ընդգծած է Արցախի մէջ իրականացուած եւ ընթացքի մէջ գտնուող բազմաթիւ ծրագրերը: Ան մասնաւորապէս անդրադարձած է պատերազմէն ետք Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, առաջացած ընկերային-տնտեսական ու հոգեբանական խնդիրներուն, եւ անոնց յաղթահարման ճանապարհին աշխարհասփիւռ հայութեան կողմէ ցուցաբերուած եւ ակնկալուող ջանքերուն:
Պերճ Սեդրակեանն իր խօսքին մէջ նշած է, որ հակառակ որ 2020-ի պատերազմի հետեւանքները բացասական առումով մեծապէս ազդած են սփիւռքահայութեան տրամադրութիւններուն վրայ, բայց Արցախի մէջ ապրող հայրենակիցներուն նեցուկ կանգնելու եւ ստեղծուած ծանր իրավիճակը միասնաբար յաղթահարելու գիտակցումը առկայ է։ Եւ ՀԲԸՄ-ը եւս պատրաստ է իր կարեւոր ներդրումն ունենալու:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են օրախնդիր համարուող շարք մը ծրագրեր: