image

Ռուսաստանի Կէսը Ստալինը Գերագոյն Ղեկավար Կը Դաւանի

Ռուսաստանի Կէսը Ստալինը Գերագոյն Ղեկավար Կը Դաւանի

Ռուսիա- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Հանրային կարծիքի ուսումնասիրման ազատ կեդրոն «Levada»ն  հրապարակած է, որ ռուսաստանցիներու աւելի քան կէսը կը համարէ, թէ բռնապետ Ժոզէֆ Ստալինը բռնապետ ըլլալու կողքին, միաժամանակ իմաստուն առաջնորդ էր, որ Խորհրդային Միութիւնը տարած է դէպի բարգաւաճում: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ այս սերտողական ուսումնասիրութեան արդիւնքներու համաձայն, որ տեղի ունեցած էր Ռուսաստանի 137 շրջաններու մէջ, «ռուսերու 62 տոկոսը ամբողջովին կամ որոշ չափով համաձայն եղած են, թէ Ստալինը բռնակալ էր, դաժան՝ եւ միլիոնաւոր անմեղ մարդոց սպանութեան պատասխանատու»: Միեւնոյն ժամանակ, մարդոց 57 տոկոսը ըսած են, որ Ստալինը «իմաստուն առաջնորդ էր, որ Խորհրդային Միութիւնը հասցուցած էր հզօրացման եւ բարգաւաճման»: 1600 պատասխանող մարդոցմէ աւելի քան 28 տոկոսը արտայայտած է իրենց «յարգանքը» անոր հանդէպ,  54%  տոկոսը նշած է, որ ան «դրական դեր խաղցած է երկրի կեանքին մէջ», եւ վերջապէս, 26% -ը նշած է, որ ստալինեան մաքրազտման արշաւները «պատմականօրէն արդարացուած քաղաքականութիւն էր», մինչ 45% -ը այն նկարագրած է որպէս «քաղաքական յանցագործութիւն, որ ոչ մէկ կերպ կարելի չէ արդարացնել»:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ նախկին Խորհրդային Միութեան  ճնշողական գործողութիւններով զբաղուող «Memorial» ոչ կառավարական կազմակերպութեան պատմաբան Եան Ռաչէնքսան նշած է, որ «զգացումներու այս երկուութիւնը կարելի է բացատրել, յատկապէս Ստալինի հանդէպ իշխանութիւններու երկակի վերաբերմունքով»: