Գեղարքունիքի մարզի Վերին Շորժայի սահմանային հատուածին մէջ հակառակորդին արձակած կրակոցներէն ետք սկսած փոխադարձ կրակոցներուն ընթացքին վիրաւորուած պայմանագրային զինուորական ծառայող, կրտսեր սերժանտ Գրորգ Եուրայի Խուրշուտեանը ՀՅԴ Արարատի «Սմբատ Թաթոսեան» կոմիտէութեան վաստակաշատ անդամ Եուրա Խուրշուտեանի որդին է, երկու անչափահաս երեխաներու հայր:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ սիրելի ընկերոջ ընտանիքին, հարազատներուն, Գէորգի ծառայակից ընկերներուն և ողջ հայ ժողովուրդին՝ ցաւալի այս կորուստին համար:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին