Վարչապետ Կարէն Կարապետանի իր պաշտօնին նշանակման առաջին օրերէն խօսակցութիւններ եղան այն մասին, որ, որ «Ավրորա» նախագիծի հեղինակ, «Կլոպալ հայեր» նախաձեռնութեան անդամ Ռուբէն Վարդանեանը պիտի դառնայ վարչապետի խորհրդական՝ միջազգային, գործարար եւ ստեղծագործ կապերու առումով։ Tert.am-ի հաղորդմամբ, Հայ բարեգործական միութեան (ՀԲԸՄ) 110-ամակի առիթւ Կարէն Կարապետեանի ասուլիսէն ետք, որուն կը մասնակցէր նաեւ Ռուբէն Վարդանեան, նման խօսակցութիւններ դարձեալ շրջնառութեան դրուած են։ Այս մասին Կառավարութեան աղբիւրները Թերթ-ի հարցումին պատասխանած են, որ կարելի չէ նման բան կատարուի. «Դուք ինչպէ՞ս էք պատկերացնում, որ Ռուբէն Վարդանեանը խորհրդական դառնայ»։