Քուէյթի ընդդիմութիւնը կարեւոր յաղթանակ ապահովեց երկրի խորհրդարանական ընտրութիւններու:Այս մասին լուրը փոխանցող BBC Arabic կայանը նաեւ կը նշէ, որ ընդդիմութիւնը ապահոված է խորհրդարանի 50 աթոռներէն 25-ը:Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ ընդդիմութեան մէջ կարեւոր տոկոս կը ներկայացնեն «Իսլամ եղբայրներ»ն ու սալաֆիստ շարժումներու հետեւորդները: Արաբական աղբիւրներ, իրենց կարգին նաեւ կը փոխանցեն, որ ընտրական այս արդիւնքներէն ետք երկիրը կրնայ քաղաքական սուր տագնապներու մէջ յայտնուիլ: