Թուրքիա- («Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիւզ»- Պոլիս) Թուրքիոյ բանակին եւ Քրտական PKK-ի միջեւ գրանցուող բախումներուն հետեւանքով սպաննեալՔիւրտ զինեալներուն թիւը հատած է 3000-ը: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Հիւրրիյէթ»ը, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ անցեալ 15 Դեկտեմբերէն ցայսօր միայն Շըրնաքի (մասնաւորաբար Ճիզրէ) եւ Տիարպէքիրի մէջ սպաննուած են PKK-ի անդամ 307 զինեալներ: Նշենք, որ կողմերուն միջեւ բախումները վերսկսած էին անցնող 7 Յունիսին Թուրքիոյ մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնէններէն անմիջապէս ետք: PKK խմբաւորման պատասխանատուներ աւելի ուշ չեղեալ համարած էին կողմերուն միջեւ առկայ գրաոր համաձայնութիւնը: