Քրիստոնէական Համաշխարհային Ջանից Միութեան նախագահ վեր. Քալաման Ատորյան, ընկերկացութեամբ իր տիկնոջ՝ ընկերային ծառայող Էվա Ատորյանի, 2 Մարտ 2016-ին այցելութիւն կատարեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ ծանօթացաւ անոր կրթական առօրեային եւ ծրագիրներուն: Վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի հետ հանդիպումէն ետք, հիւրերը գոհունակութեամբ արտայայտուեցան Մեսրոպեան վարժարանին մէջ տիրող կրթական կարգին մասին:Վեր. Ատորյեան, որ նաեւ Ռումանիոյ Աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներէն է, այս օրերուն կը գտնուի Լիբանան, ուր ճանաչողական այցելութիւններ կը կատարէ հայկական կրթական եւ եկեղեցական հաստատութիւններ: