image

Քրիստոնէական Համաշխարհային Ջանից Միութեան Նախագահը Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Այցելեց

Քրիստոնէական Համաշխարհային Ջանից Միութեան Նախագահը  Հայ  Կաթողիկէ Մեսրոպեան Այցելեց

Քրիստոնէական Համաշխարհային Ջանից Միութեան նախագահ վեր. Քալաման Ատորյան, ընկերկացութեամբ իր տիկնոջ՝ ընկերային ծառայող Էվա Ատորյանի, 2 Մարտ 2016-ին այցելութիւն կատարեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ ծանօթացաւ անոր կրթական առօրեային եւ ծրագիրներուն: Վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի հետ հանդիպումէն ետք, հիւրերը գոհունակութեամբ արտայայտուեցան Մեսրոպեան վարժարանին մէջ տիրող կրթական կարգին մասին:Վեր. Ատորյեան, որ նաեւ Ռումանիոյ Աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներէն է, այս օրերուն կը գտնուի Լիբանան, ուր ճանաչողական այցելութիւններ կը կատարէ հայկական կրթական եւ եկեղեցական հաստատութիւններ: