image

Քրեմլը անդրադարձած է Փութին-Փաշինեան հեռախօսակապին

Քրեմլը անդրադարձած է Փութին-Փաշինեան  հեռախօսակապին

Հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ կայացած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը, կը հաղորդէ Քրեմլի պաշտօնական կայքը:

«Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի քննարկման ժամանակ գոհունակութեամբ արձանագրուած է, որ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը կայունացած է եւ ընդհանուր առմամբ կը մնայ հանգիստ:

Տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում երկկողմ համագործակցութեան արդիական հարցերու շուրջ, շեշտադրում կատարուած է ուժանիւթի ոլորտի եւ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի վրայ: Կողմերը պայմանաւորուած են շարունակել հետագայ շփումները»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: