Սուտան («Ալ-Ժատիտ»-Պէյրութ)- Օրեր առաջ հրապարակուած ձեռագիր կտակ մը կը բացայատէ , որ «Ալ Քահիտա» ահաբեկչական խմբաւորման հիմնադիր Ուսամա Պըն Լատէն միլիոնաւոր տոլարներ պահած է Սուտանի մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ լիբանանեան «Ալ-ժատիտ»ը կայանը, նշելով, որ կտակին կողքին այլ կարեւոր փաստաթուղթեր եւս բացայայտուած են: Փաստաթուղթերը երեւան եկած են, երբ ամերիկեան յատուկ ուժերու կողմէ կատարուած մէկ յարձակման ընթացքին, 2 մայիս 2011-ին, Փաքիստանի Ապոթ Ապատայի մէջ եւ որուն հետեւանքով սպաննուած էր «Ալ-Քահիտա»ի առաջնորդը: ԱՄՆ-ի հետախուզութեան կողմէ բացայայտուած փաստաթուղթերէն կը պարզուի նաեւ, որ Ուսամա Պըն Լատէնը կոչ ըրած էր իր կողմնակիցներուն իրենց յարձակումները կեդրոնացնել ԱՄՆ-ի վրայ: Պըն Լատէն այս փաստաթուղթերէն մէկուն մէջ գրած է ՝ «առաջնայինը պէտք է ըլլայ ամերիկացիներն ու անոնց ներկայացուցիչներու դէմ պայքարն ու սպաննելը»: «Ժատիտ» կը նշէ, որ արաբերէն լեզուով էջի մը վրայ գրուած եւ կնքուած կտակին մէջ յիշուած է, թէ Պըն Լատէն 29 միլիոն տոլար ունի Սուտանի մէջ, եւ որուն մեծամասնութիւնը ստացած է իր եղբօրմէն: Ան գրած է. «Ես ստացած եմ 12 միլիոն տոլար, եղբօրմէս Ապու Պաքր Մուհամմատ Պըն Լատէնին կողմէ Սուտանի մէջ գործող «Պըն Լատէնի ներդրումներու ընկերութեան» ճամբով եւ աւելցուցած, թէ կը յուսայ, որ իր եղբայրները, քոյրերն ու հօրաքոյրները հետեւին այս կտակին եւ Սուտանի մէջ թողած ամբողջ գումարը օգտագործեն «յանուն Աստծու Ճիհատին»: Պըն Լատէն 1990-ի սկիզբներէն Սուտանի մայրաքաղաք Խարթումի մէջ ապրած էր հինգ տարիներ: Փաստաթուղթերը նաեւ կը բացայայտեն Պըն Լատէնի եւ Իրաքի «Ալ-Քահիտա» զինեալներուն միջեւ աճող տարակարծութիւններու մասին, ինչպէս նաեւ այն մասին, որ Պըն Լատէնը ծրագրած էր Միջազգային լրատուական արշաւ մը իրականացնել, նուիրուած 11 սեպտեմբերին ԱՄՆ-ի դէմ կատարուած ահաբեկչութեան 10-րդ տարեդարձին: Իր Հօր ուղղուած 8 Օգոստոս 2008 թուակիր նամակին մէջ Պըն Լատէն գրած է իր հաւանական սպաննութեան մասին նշելով, թէ «Եթէ սպանուիմ, ինծի համար աղօթքներ ըրէ , եւ իմ հոգւոյս խաղաղութեան համար ողորմութիւն խնդրէ»: Անցեալ տարուան մայիսին բացայայտուած Պըն Լատէնին վերաբերող փաստաթուղթերուն մէջ նաեւ կը նշուի, թէ Ամերիկայի թիւ մէկ թշնամին մտավախութիւններ ունէր առանց օդաչուի օդանաւներու հարուածներէն: Ան նամակներէն մէկուն մէջ գրած է. «Մենք պէտք է վերջ տանք բանակին եւ ոստիկանութեան դէմ կատարուած գործողութիւններուն, յատկապէս Եէմանի մէջ», եւ աւելցուցած՝ «Առաջնայինը պէտք է Ամերիկան հարուածելը, զայն ստիպելու համար, որ հրաժարի Միջին Արեւելքէն եւ թոյլ տայ, որ իսլամութիւնը ազատ գործէ այդ երկիրներուն մէջ»: «Ալ-Քաիտա»ի առաջնորդը նաեւ անհանգիստ էր, որ «ճիհատական շարքերու մէջ պառակտումը կրնայ պարտութեան տանիլ զինք»: