image

Պոլսոյ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ Օրմանեան Պատրիարքին արձանը պիտի զետեղուի

Պոլսոյ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ  Օրմանեան  Պատրիարքին  արձանը պիտի զետեղուի

Պոլսոյ Շիշլիի Ազգային գերեզմանատան մէջ Օրմանեան  Պատրիարքի   արձանը պիտի տեղադրուի: Այս մասին լուրը  կը փոխանցէ մեր պաշտօնակից  Ժամանակ»ը: Թերթը նաեւ գրած է,  որ այս առթիւ     պոլսահայոց  Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան  Պատրիարքարանէն ներս ընդունած է  Շիշլիի գերեզմանատան յանձանխումբի ատենապետ   Տիար   Նուպար Կիւզէլտէւլէթեանն ու արձանի հեղինակ, քանդակագործ  Էրօլ Սարաֆեանը:  Կը  նշուի, որ արձանի հանդիսաւոր բացումը պիտի կատարուի    յառաջիկայ   շաբաթ,      Սուրբ Զատկի յաջորդող    մեռելոցի  երկուշաբթի օրը: Սոյն հանդիսութեան  ներկայ պիտի ըլլայ Արամ Արք.,  որ այս առթիւ յատուկ պատգամ մը պիտի փոխանցէ: Յիշեցնենք, որ Էրօլ Սարաֆեան յայտնի անուն է պոլսահայ շրջանակներուն համար, եւ  ան հեղինակն է      տասնեակ  արձաններու ու  կիսանդրիներու: