BRICS-ի երկիրները կոչ ըրած են պահպանելու Կազայի հատուածին մէջ հաստատուած հրադադարը եւ լիարժէք ու անարգել կերպով ապահովելու մարդասիրական օգնութեան մուտքը։
Այս մասին ըսուած է Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցող BRICS-ի գագաթնաժողովի եզրափակիչ հռչակագրին մէջ։
«Մենք կ՚աջակցինք ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերու իրականացումին եւ բոլոր կողմերուն կոչ կ՚ընենք ապահովելու հրադադարի պահպանումը եւ Կազայի հատուած մարդասիրական օգնութեան լիարժէք ու անարգել մուտքը», նշուած է փաստաթուղթին մէջ։
Միաժամանակ, Նիւ Տելիի մէջ ընթացող գագաթնաժողովին BRICS-ի առաջնորդները համատեղ յայտարարութեամբ վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը Սուրիոյ ինքնիշխանութեան, անկախութեան, միասնութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան։
«Մենք վերահաստատած ենք մեր յանձնառութիւնը Սուրիոյ ինքնիշխանութեան, անկախութեան, միասնութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան եւ բոլոր կողմերուն կոչ կ՚ընենք ապահովելու խաղաղ եւ ներառական քաղաքական անցումային գործընթաց՝ Սուրիոյ հարցի կարգաւորման ծիրէն ներս», նշուած է հռչակագիրին մէջ։
BRICS-ի 18-րդ գագաթնաժողովը տեղի կ՚ունենայ Սեպտեմբեր 12-13-ին՝ Նիւ Տելիի «Պհարաթ Մանտափամ» համալիրին մէջ։
BRICS-ը միջկառավարական միաւորում է, որ հիմնուած է 2006-ին՝ Ռուսիոյ, Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ Պրազիլիոյ կողմէ։ Հարաւային Ափրիկէն միացած է միաւորումին 2011-ին։ 2024-ի սկիզբը BRICS-ին միացած են եւս քանի մը երկիրներ։ 2026-ին BRICS-ի նախագահութիւնը ստանձնած է Հնդկաստանը։