29 Ապրիլին ԶԼՄ-ներուն մէջ հրապարակումներ եղած էին, որ պղծած են Մահաթմա Կանտիի արձանը:
Ոստիկանութեան Մաշտոցի բաժնի դաշտային խումբը դէպքի վայրին մէջ պարզած էր, որ վնասած են Հալապեան եւ Մարգարեան փողոցներու յարակից զբօսայգիին մէջ տեղադրուած Մահաթմա Կանտիի արձանը եւ պատուանդանը:
Ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան եւ Մաշտոցի բաժնի քրէական հետախոյզներն ու ԱԱԾ Երեւան քաղաքի վարչութեան ծառայողները համատեղ ձեռնարկած միջոցառումներով պարզած են արարքը կատարողի ինքնութիւնը:
Երեւան քաղաքի 61-ամեայ բնակիչը 3 մայիսին բերման ենթարկուած է Մաշտոցի բաժին եւ տուած խոստովանական ցուցմունք:
Կը կատարուի նախաքննութիւն: