image

Անդրանիկ Փեքայվազի մահը՝ համայնքային կեանքի մէկ սիրելի դէմքի կորուստ

Անդրանիկ Փեքայվազի մահը՝ համայնքային կեանքի մէկ սիրելի դէմքի կորուստ

Պոլսահայ համայնքը կը սգայ երէց սերունդի իր սիրուած ու յարգուած ներկայացուցիչներէն՝ Տիար Անդրանիկ Փեքայվազի մահը։ Խոր ծերութեան մէջ իր ընտանիքէն, հարազատներէն եւ բարեկամներէն հրաժեշտ առած հանգուցեալը տասնամեակներ շարունակ եղած էր իր շրջապատին սիրելի, հաղորդական եւ վստահութիւն ներշնչող անձնաւորութիւն մը։

Ասպարէզով ոսկերիչ՝ Անդրանիկ Փեքայվազ ոչ միայն իր մասնագիտութեան մէջ ճանչցուած էր, այլեւ իր մարդկային պարզութեամբ, բանիմացութեամբ եւ ընտանեկան նուիրումով արժանացած էր շրջապատին անկեղծ յարգանքին։ Իր կորուստը զգալի բաց մը կը ձգէ թէ՛ ընտանիքին, թէ՛ իրեն մօտ կանգնած բարեկամական շրջանակներուն մէջ։

Այս կորուստին մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթէն։

Ստորեւ «Ժամանակ»ի  մահագրութիւնը՝

Խոր ցաւով կը գուժենք մահը մեր համայնքի երէց սերունդի այնքան սիրուած ու յարգուած ներկայացուցիչներէն՝

ՏԻԱՐ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՓԵՔԱՅՎԱԶԻ

Հանգուցեալը իր սերունդի տիրական ներկայացուցիչներէն մին էր, որ իր ընտանիքէն, սիրելիներէն հրաժեշտ կ՚առնէ խոր ծերութեան մէջ։ Թէեւ ան ունէր յառաջացած տարիք, սակայն, այնքան մեծ յարգանքի եւ համակրանքի արժանացած անձնաւորութիւն մըն էր, որ իր կորուստը իսկապէս ցնցած է թէ՛ ընտանիքը եւ թէ բարեկամական շրջանակը։ Ասպարէզով ոսկերիչ, Անդրանիկ Փեքայվազ տասնամեակներ շարունակ իր շրջանակէն ներս եղած էր հաճելի ներկայութիւն։ Հաղորդական բնաւորութեամբ յաջողած էր գրաւել բոլորին սիրտը։ Խորաթափանց անձնաւորութիւն մըն էր եւ այդ հանգամանքին շնորհիւ իր շրջանակէն ներս կ՚ընկալուէր՝ որպէս բանիմաց անձնաւորութիւն։ Ի լրումն այս բոլորին, հանգուցեալը տիպար ընտանեկան հայր մըն էր, որ իր անսահման սէրը անխտիր հովանին դարձուցած էր ընտանիքի բոլոր անդամներուն։

Իր կորուստին առթիւ յարգանքով կը խոնարհինք յիշատակին առջեւ՝ հայցելով երկնային հանգիստ իր բարի եւ ազնիւ հոգւոյն։ Սուգի ծանր պահուն խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր հարազատներուն եւ համայն ընտանիքին։