image

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ մարմինը՝ Հայաստանի կողքին. Հանդիպում գլխաւոր հիւպատոս Աննա Աւետիսեանի հետ

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ մարմինը՝ Հայաստանի կողքին. Հանդիպում գլխաւոր հիւպատոս Աննա Աւետիսեանի հետ

ԱՄՆ-ի Գալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ, Հինգշաբթի՝ 10 Սեպտեմբերին, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմնի պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոս Աննա Աւետիսեանի հետ։

Հանդիպման ընթացքին ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմնի ատենապետ Միհրան Խաչատուրեան Գլխաւոր Հիւպատոսին փոխանցեց Սեպտեմբեր 20-ին Կլենտէյլի Վերտուկօ զբօսայգիին մէջ նախատեսուած Հայաստանի Անկախութեան 35-ամեակի տօնակատարութեան հրաւէրը։

Գլխաւոր Հիւպատոս Աննա Աւետիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին համար եւ բարձր գնահատեց ՍԴՀԿ-ի՝ Հայաստանի պետականութեան նկատմամբ երկարամեայ նուիրումը։ Ան նաեւ նշեց, թէ քաջածանօթ է կուսակցութեան գործունէութեան եւ անոր հետեւողական աշխատանքին։

Իր կարգին, Միհրան Խաչատուրեան վերահաստատեց ՍԴՀԿ-ի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու սերտ եւ մշտական հաղորդակցութիւնն ու գործակցութիւնը Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան հետ՝ ի նպաստ Հայաստանի Հանրապետութեան։

Հանդիպման ընթացքին կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին Լոս Անճելըսի հայ համայնքին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, Հայաստանի ներկայ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ ներքին եւ միջազգային վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։

Քննարկուեցաւ նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան արձանագրած դրական ընթացքը։ Կողմերը ընդգծեցին, որ տնտեսական շարունակական աճը կրնայ կարեւոր դեր ունենալ բնակչութեան կենսամակարդակի բարելաւման եւ ընկերային պայմաններու զարգացման գործին մէջ։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Գլխաւոր Հիւպատոսութեան քարտուղար Մարիամ Խաչէեան։

ՍԴՀԿ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմնի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Միհրան Խաչատուրեան, Ռուբէն Մուղալեան, Կարինէ Տեփոյեան եւ Գրիգոր Խոտանեան։