Պոլսոյ Շիշլիի Ազգային գերեզմանատան մէջ Օրմանեան Պատրիարքի արձանը պիտի տեղադրուի: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ մեր պաշտօնակից Ժամանակ»ը: Թերթը նաեւ գրած է, որ այս առթիւ պոլսահայոց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Պատրիարքարանէն ներս ընդունած է Շիշլիի գերեզմանատան յանձանխումբի ատենապետ Տիար Նուպար Կիւզէլտէւլէթեանն ու արձանի հեղինակ, քանդակագործ Էրօլ Սարաֆեանը: Կը նշուի, որ արձանի հանդիսաւոր բացումը պիտի կատարուի յառաջիկայ շաբաթ, Սուրբ Զատկի յաջորդող մեռելոցի երկուշաբթի օրը: Սոյն հանդիսութեան ներկայ պիտի ըլլայ Արամ Արք., որ այս առթիւ յատուկ պատգամ մը պիտի փոխանցէ: Յիշեցնենք, որ Էրօլ Սարաֆեան յայտնի անուն է պոլսահայ շրջանակներուն համար, եւ ան հեղինակն է տասնեակ արձաններու ու կիսանդրիներու: