image

Պոլսահայ լրագրող Հայկո Պաղտատ չէ ձերբակալուած. Աղբիւր

Պոլսահայ լրագրող Հայկո Պաղտատ չէ ձերբակալուած. Աղբիւր

Պոլսահայ  լրագրող Հայկո Պաղտատ չէ ձերբակալուած:  Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ լրագրողին մօտիկ կանգնող Պոլսոյ իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ  փոխանցեց, որ Պաղտատ  լրագրողական աշխատանքով   մեկնած է  Աթէնք ու այդ մասին գրառում մը կատարած է իր   Twitter -եան   պլոկին մէջ:  Նշենք, որ աւելի վաղ կարգ մը լրատուական ծառայութիւններ տեղեկութիւն հրապարակած էին  Հայկո Պաղտատի՝ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ ձերբակալութեան մասին,  սակայն այդ տեղեկութիւնները անճիշդ են: Պաղտատ, որ ներկայիս  Թուրքիոյ ընդդիմադիր  «Տիքէն» պարբերականի սիւնակագիրներէն  է,   լայն  ճանաչում  ունի երկրի ընդդիմադիր շրջանակներուն մէջ:  Յիշեցնենք, որ   վերջին տուեալներուն համաձայն անցնող  ժամերուն Թուրքիոյ մէջ   ձերբակալուած    լրագրողներուն  թիւը հասած է 42–ի, մինչդեռ   իշխանութեան  մօտիկ կանգնող  աղբիւրներ կը փոխանցեն, որ        ձերբակալուող լրագրողներուն թիւը կրնայ հասնիլ  75-ի: