Պոլսահայ լրագրող Հայկո Պաղտատ չէ ձերբակալուած: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ լրագրողին մօտիկ կանգնող Պոլսոյ իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ Պաղտատ լրագրողական աշխատանքով մեկնած է Աթէնք ու այդ մասին գրառում մը կատարած է իր Twitter -եան պլոկին մէջ: Նշենք, որ աւելի վաղ կարգ մը լրատուական ծառայութիւններ տեղեկութիւն հրապարակած էին Հայկո Պաղտատի՝ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ ձերբակալութեան մասին, սակայն այդ տեղեկութիւնները անճիշդ են: Պաղտատ, որ ներկայիս Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Տիքէն» պարբերականի սիւնակագիրներէն է, լայն ճանաչում ունի երկրի ընդդիմադիր շրջանակներուն մէջ: Յիշեցնենք, որ վերջին տուեալներուն համաձայն անցնող ժամերուն Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած լրագրողներուն թիւը հասած է 42–ի, մինչդեռ իշխանութեան մօտիկ կանգնող աղբիւրներ կը փոխանցեն, որ ձերբակալուող լրագրողներուն թիւը կրնայ հասնիլ 75-ի: