image

Պոլիսը մեզի համար գանձ է, պէտք է պահպանել այն. Հրաչ Քըրմըզեան

Պոլիսը  մեզի համար գանձ է, պէտք  է պահպանել այն. Հրաչ Քըրմըզեան

«Արեւելք»ի հարցերուն  կը պատասխանէ  Պոլսոյ  ազգային  դէմքերու գերեզմանատուները    վերանորոգումը  նախաձեռնած  Հրաչ  Քըրմըզեանը։Նշենք, որ Հրաչ եւ Յակոբ   Քըրմըզեանի անմիջական   ճիգերով վերանորոգուեցան  Պոլսոյ Պալեան   ամիրներու ընտանքի եւ անմահանուն բանաստեղծներ   ՝Պետրոս Դուրեանի եւ Մատթէոս   Զարիֆեանի  շիրիմները։

-Պրն. Քըրմըզեան, ինչպէ՞ս  յղացաք Մաթէոս Զարիֆեանի շիրիմը վերանորոգելու գաղափարը, ի՞նչ է այս ծրագիրը:

Այս մտայղացումը պէտք է ըսեմ, որ Զարիֆեանէն առաջ եղած էր: Ինչպէս գիտէք, Պոլսոյ մէջ այսօր անցեալէն  մնացած շուրջ 15 հայկական գերեզմաննոցներ կան: Անոնցմէ մէկը Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցիին գերեզմանն է, որ մեզի համար արժէքաւոր է,որովհետեւ հոն կը հանգչին մեր պատմութեան, գրականութեան, մշակոյթի մեծ դէմքեր, դպրոցներու տնօրէններ, կաթողիկոսներ եւ մանաւանդ Պալեան ընտանիքին մէկ մասը:

Ուրեմն, այս մտայղացումը ասկէ 5 տարի առաջ ունեցանք: Իմ ծնողներս՝ մայրս եւ հայրս իրենց երիտասարդութիւնը Սկիւտարի մէջ անցուցած են, վերջը Ռումանիա գացած են, ուր ծնած ենք ես ու եղբայրս՝ Յակոբը: Հետեւաբար մօրս եւ հօրս ընտանիքի անդամներուն շիրիմները այդ գերեզմանատան մէջ կը գտնուին եւ ես ու եղաբայրս միշտ կապ մը ունեցած ենք այդ գերեզմանատան հետ, յաճախ կ'այցելենք մեր անցեալը յիշելու համար եւայլն:

Այնպէս եղած էր, որ մօրաքրոջս եւ Պալեաններու գերեզմանը իրարմէ 10 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէին եւ միշտ մեր այցի ժամանակ, երբ կը տեսնէի Պալեաններու գերեզմանը, կը ցաւէի, որ ինչպէս կ'ըլլայ այսպիսի հանրածանօթ, աշխարհով մէկ ճանչցուած ընտանիք մը, իրենց անունին արժանի մէկ անկիւն մը չունենան:

Հոսկէ եղաւ մտայղացումը, եղբօրս հետ որոշում առինք, որ արտօնութիւն խնդրենք եւ եթէ կարելի է, անոնց  վարկին յարմար քանդակներ տեղադրենք: Եւ այսպիսով, երկու եղբայր համաձայնեցնաք, ներկայիս պատրիարքական տեղապահի փոխանորդ՝ Արամ  արք. Աթէշեանին հետ եւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ խորհուրդի  անդամներուն  հետ խորհրդակցեցանք եւ անոնցմէ հրամանը առինք։ Ծանօթացանք, «ՀայՃար»-ի   պատասխանատուներ՝ Գէորգ Էօզքարակէօզ  եւ   Նազար Պինաթլըին, որոնք   կարեւոր      գործ   կատարեցին     ոտքի հանելու համար մեր ծրագիրը։

Այստեղ կարեւոր կը նկատեմ նշել, որ Պոլսոյ քաղաքապետութեան  պատասխանատուներն ալ    մեզի նեցոգկ կեցան մեր ծրագիրը  յաջողցնելու համար։ Պալեաններու   դամբարանի  բացումին  երկրորդ օրը, Թուրքիոյ  գլխաւոր  հեռատեսիլի  եւ ձայնասփիւռի կայանները միաձայն գովազդեցին  մեր ըրած  գործը    եւ խօսեցան Պալեաններուն մասին։ Եղածը  մեծ իրադարձութիւն  համարուեցաւ,   որովհետեւ Պալեանները իրենք  պատմական աւանդ  ունեցած են եւ բոլորին կողմէ յարգելի են։

-Պալեաններէն ետք, ինչպէ՞ս շարունակուեցաւ ծրագիրը:

Պալեաններու շիրիմին բարեկարգումէն ետք, ուրեմն, տեսանք, որ գերեզմանատան մէջ Պետրոս Դուրեանի շիրիմը կայ, որ ժամանակի ընթացքին խնամուած չըլլալու պատճառով անշուք դարձած է, անցած տարի ան ալ  բարեզարդեցինք, մարմարէ գիրքի էջ մը բացինք շիրմաքարին վրայ, ուր հայերէնով եւ թրքերէնով անոր «Իմ մահը» ոտանաւորը գրել տուինք:

 

-Այդ շիրիմին բացումը կարգ մը շրջանակներու կողմէ քննադատուեցաւ, ի՞նչն էր պատճառը:

Այո այդպէս եղաւ, պոլսեցի երիտասարդ բանասէրներէն՝ Սեւան Տէյիրմէնճեանը, որուն այդ ժամանակ ծանօթ չէինք, բայց հիմա արդէն բարեկամներ ենք, շիրիմի ձեւաւորումը յարմար չէր տեսած: Ես միշտ կ'ըսեմ, բնական է, որ երբ գործ մը ընես, թէկուզ լաւ գործ, քննադատութիւններ ալ պիտի ըլլան, բայց այս պարագային, գիտնալով որ նման գործերով զբաղուող մարդիկ շատ քիչ են, կը կարծեմ որ աւելի ճիշդ կ'ըլլայ այդ հարցը ընտանիքէն ներս լուծել, առանց բացի տալու: Այս առթիւ սակայն, ծանօթացանք Սեւանին, շատ արժէքաւոր երիտասարդ մըն է ան, իր աշխատանքները, գրութիւնները մեզի  գոհացում կը պատճառէ, բայց «Ակօս»ի մէջ այս թեմայի շուրջ անոր գրութեան խորագիրը քիչ մը վիրաւորական էր, մեր նպատակը յարգանք մը ընելն էր: Ամէն պարագայի մենք ընդունեցինք այդ քննադատութիւնը եւ չնեղացանք, որովհետեւ երբ յառաջդիմել կ'ուզենք, պէտք է տարբեր կարծիքներ ըլլալն, չեմ ուզեր պատկանիլ ազգի մի, որ ամէն մարդ նոյն ձեւով կը մտածէ, միայն թէ այդ քննադատութիւնը պէտք է յարգալից ձեւով ըլլայ:

 

-Ինչո՞ւ երրորդ շիրիմը ընտրեցիք Զարիֆեանի շիրմաքարը:

Գալով Մաթէոս Զարիֆեանին, ան ալ իմ հօրս կողէմ՝ մեծ մայրիկիս շիրիմին ճիշդ քովը կը գտնուէր, անոր շիրիմը շինուած էր, պզտիկ դանբան մը կայ, բայց ժամանակի ընթացքին կոտրուած էր եւ թափթփած վիճակ մը ունէր: Այս անգամ եղբայրներով ըսինք, քանի  ճամբայ ելած ենք, շարունակենք մեր գործը:  Կինս այս առումով կատակելով սկսած է ըսել՝ «դուն այս ընթացքով կարծեմ գերեզմաններու տնօրէն պիտի ըլլաս»: Ուրեմն այս ծրագիրն ալ «Հայճար»ի բարեկամներու հետ սերտեցինք, գտանք Էրօլ Սարաֆեան անունով  յայտնի քանդակագործը, որ իսկապէս շատ աղուոր գործ մը ըրաւ, նորոգեց, բացումը եղաւ 6 հոկտեմբերին:

 

-Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ ձեր այս ծրագրի իրագործումը:

Մեր բոլոր այս ըրածը երկու բարձր նպատակ կը հետապնդէ, առաջինը՝ պահպանել այս հողերուն վրայ ապրած ժողովուրդին անցեալը, ըրած գործերը եւ ապացուցել, որ այս ժառանգը այս ժողովուրդին ալ կը պատկանի, անկախ ժողովուրդներուն մէջեւ եղած կրօնական տարբերութիւններէն, քանի որ կրօնքը շատ անձնական հարց է, անկախ կրօնէ, մանւանդ նոյն հողի վրայ ապրող մարդիկ պէտք է սիրեն զիրար:

Երկրորդ պատճառն ալ այն է, որ նոր սերունդը ճանչնայ իր անցեալը: Մեզի   համար Պոլիսը գանձ է եւ   ամէն ինչ պէտք է ընենք  պահպանելու համար այդ  գանձը։Շատ  անգամներ   նկատած ենք, որ  դժբախտաբար նոր սերունդը, քիչ մը անտարբեր է: Պէտք է ըսեմ, մեր ազգը առանց անցեալը յիշելու չի կրնար ապագայ ունենել, մեր անցեալը շատ հարուստ է, մեր անցեալը պէտք է ապրի: