image

Պրիւքսէլի մէջ Փաշինեանն ու Ալիեւը կարճ զրոյց ունեցած են

Պրիւքսէլի մէջ Փաշինեանն ու Ալիեւը կարճ զրոյց ունեցած են

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսելի մէջ կարճատեւ հանդիպում մը ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները Պրիւքսելի մէջ մասնակցած են Արեւելեան գործընկերութեան տասնամեակին նուիրուած պաշտօնական ընթրիքին:  Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է ՀՀ վարչապետը:

«Ես եւ պարոն Ալիեւ ընթրիքի ընթացքին կարճ զրոյց մը ունեցանք: Ան ընդհանուր խօսակցութիւն էր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ընթացիկ իրավիճակի վերաբերեալ»,- ըսած է ան:

Անդրադառնալով ապագային նոր հանդիպման հնարաւորութեան մասին հարցումին` ան ընդգծած է, որ առայժմ յստակ ծրագիրներ չկան:

«Ես վստահ եմ, որ բանակցային գործընթացը պիտի շարունակուի, եւ հիմա շատ կարեւոր է Լեռնային Ղարաբաղը վերադարձնել բանակցային սեղան: Անհնար է հասնիլ այս հակամարտութեան կարգաւորման առանց Ղարաբաղին»,- ընդգծած է ՀՀ վարչապետը: