image

Պրիւքսէլի Ահաբեկիչները Մտադիր էին Հարուածել Փարիզի Մէջ

Պրիւքսէլի Ահաբեկիչները Մտադիր էին Հարուածել Փարիզի Մէջ

Պրիւքսէլ- («Ալ-Շարք Ալ-Աուսաթ»- Լոնտոն)- Կիրակի օր Պելճիքայի դատախազութիւնը հաստատած է, որ Պրիւքսէլի վրայ շաբաթներ առաջ յարձակում գործած խմբակը մտադիր էր Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի վրայ իրականացնել իր յարձակումը, սակայն «հետաքնութիւններու յառաջընթացը» ստիպած էր անոնց փոխել իրենց թիրախը: Այս մասին կը հաղորդէ «Շարք Ալ-Աուսաթ», նշելով, որ Պրիւքսէլի յարձակումներուն հետ կապուած 4 աձերու ձերբակալումէն երկու օր ետք, Պելճիքայի մէջ դաշնային դատախազը ըսած է «Հետաքննութեան շատ մը գործօններ ցոյց տուին, որ ահաբեկչական խմբակը նախապէս մտադիր էր դարձեալ Ֆրանսայի վրայ յարձակում գործել» եւ աւելցուցած, որ ծրագրողները անակնկալի եկած էին «հետաքննութեան արագ ընթացքէն», ինչը իրենց մղած էր «շտապ» որոշում կայացնել՝ յարձակելով Պրիւքսէլի վրայ, ինչն ալ պատահեցաւ 22 մարտին, երբ անձնասպաններ ինքզինքնին պայթեցուցին օդակայանին եւ գետնուղայինի կայանին մէջ:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Պելճիքայի ոստիկանութիւնը անցած ուրբաթ ձերբակալած էր 4 անձեր, որոնցմէ մէկը ծանօթ դարձած էր «գլխարկ կրող մարդը» անունով, եւ ահաբեկչական գործողութիւններ վարելու մեղադրանք յարուցած էր անոնց դէմ՝ Պրիւքսէլի եւ Փարիզի յարձակումներուն վերաբերեալ:

Պրիւքսէլի յարձակումներուն լոյսին տակ, որուն զոհ գացին 28 անձեր, Պելճիքայի անվտանգութեան մարմինները մատնանշած են, որ յարձակման ծրագրողներն ու գործադրողները աշխատած են նոյն 13 նոյեմբեր 2015-ին Փարիզի արիւնալի յարձակումները կազմակերպող բջիջին հետ: