image

Թուրքիան զայրացած է. Սուրիոյ դէմ մեղադրանք Հալէպի մօտ նաւթի պահեստանոցներ հարուածելու համար

Թուրքիան զայրացած է. Սուրիոյ դէմ մեղադրանք Հալէպի մօտ նաւթի պահեստանոցներ հարուածելու համար

 

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը պնդէ, որ Սուրիան հրթիռային հարուած հասցուցած է Հալէպ նահանգի՝ Անգարայի վերահսկողութեան տակ գտնուող հիւսիսային մասին մէջ գտնուող երկու բնակավայրերու ուղղութեամբ, գրած է Anadolu գործակալութիւնը:


Աւելի վաղ սուրիական իշխանամէտ al-Watan թերթը հաղորդած էր, որ նահանգի այս հատուածին մէջ քարիւղատար մեքենաները երկուշաբթի գիշեր հրթիռային հարուածներու ենթարկուած են:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով՝ արկերը արձակուած են Քուէյրեսի օդակայանէն: Սուրիացիները, ենթադրաբար, հարուածներ հասցուցած են Ճարապլուս եւ Ալ-Պապ քաղաքներուն: Anadolu-ի տուեալներով՝ թրքական կողմը Ռուսաստանին տեղեկացուցած է Սուրիայէն նման յարձակումները կանխելու անհրաժեշտութեան մասին:

Յիշեցնենք՝ 2016-ի օգոստոսին թրքական բանակը սկսած է «Եփրատի վահան» գործողութիւնը, որու ընթացքին Սուրիական ընդդիմութեան մասնակցութեամբ թրքական կողմը գրաւած է երկրի հիւսիսը գտնուող սահմանամերձ Ճարապլուս քաղաքը, ինչպէս նաեւ Ազազ եւ Ալ Պապ քաղաքները: