«2013-ին, Փարիզի մէջ երեք քիւրտ աքթիւիսթ կիներու սպաննութեան ետեւը կանգնած էր Թուրքիան», CNN Türk-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Թուրքիոյ ռազմական հետախուզութեան նախկին ղեկավար, պաշտօնաթող զօրավար՝ Իսմայիլ Հաքի Փեքին:
2013-ի 9 յունուարին, Փարիզի քրտական տեղեկատուական կեդրոնէն ներս երեք կին գնդակահարուած էր, անոնց կարգին` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան համահիմնադիր՝ Սաքինէ Ճանսիզ: Սպանուած էին նաեւ քիւրտ աքթիւիսթ կանայք՝ Լէյլա Սոյլեմէզը եւ Ֆիտան Տողան:
«Պէ՞տք է ինչ որ բան ընել Եւրոպայի ՔԱԿ-ի տարրերուն հետ: Այդ աւելի վաղ կատարուած էր Փարիզի մէջ… »,- ըսած է Փեքին, CNN Türk-ի քրտամէտ լրագրող՝ Մելթեմ Օքթայի կողմէ հրապարակուած մեկնաբանութեան մէջ:
2007-էն 2011 թուականներուն, Փեքին գլխաւորած էր Գլխաւոր շտապի հետախուզական բաժինը:
Սպանութիւններու միակ կասկածեալը, Փարիզի Շառլ տը Կոլ օդակայանի աշխատակից Օմեր Կիւնէյն էր, որ մահացած է 2016-ի դեկտեմբերին գլխուղեղի ուռուցքէ, որմէ ետք Ֆրանսան դադրեցուցած է դատական գործընթացքը: 2019-ին Ֆրանսայի դատախազութիւնը վերսկսած է հետաքննութիւնը: Զոհերը ներկայացնող փաստաբան՝ Ժան-Լուի Մալթըրն Fırat լրատուական գործակալութեան ըսած է, որ նոր հետաքննութիւնը ուղղուած է Ազգային հետախուզական գործակալութեան (MIT) հնարաւոր դերին: