Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Թրքական բանակի յայտարարութեան համաձայն, կիրկաի օր, քսաներկու PKK- ի մարտիկներ սպաննուած են Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան մարզերուն՝ Մարտին, Շիրնաքի եւ Հաքքարիի մէջ: Այս մասին կը փոխանցէ «Տէյլի Սապահ», նշելով, որ կիրկաի օր 10 PKK- ի անդամներ սպանուած են Մարտին Նուսայպին շրջանին մէջ, գործողութիւններու մեկնարկումէն ի վեր շրջանի մէջ PKK-ի շարքերէն սպաննուածներուն թիւը հասցնելով 42-ի: «Սապահ» նաեւ կը նշէ, որ 5 PKK-ի գործիչներ եւս սպաննուած են շաբաթ օր՝ Շիրնաքի շրջանին մէջ, ընդհանուր սպաննուողներուն թիւը հասցնելով 33-ի, մինչ Հաքքարիի Եուքսէքովա շրջանին մէջ նոյն օրը սպաննուած են PKK-ի 7 անդամներ, ընդհանուր թիւը հասցնելով՝ 45-ի:
Բացի այդ, աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ «Տահէշ»ի շարքերուն պատկանելու մէջ կասկածեալ երկու օտար քաղաքացիներ ձերբակալուծ են Ղազի Այնթապի մէջ, մինչ երեք այլ օտար քաղաքացիներ ձերբակալուած են Հաթայ շրջանի մօտ, ապօրինի կերպով Սուրիայէն Թուրքիա մուտք գործել փորձելու ժամանակ:
Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու (TSK) եւ ոստիկանութեան համատեղ գործողութիւնները նպատակ ունեցած էին ձերբակալել PKK- ի անդամները, վնասազերծել պայթուցիկ սարքերը, լեցնել խրամատները եւ հեռացնել պատնէշները, որոնք տեղակայուած էին մարտ 14-ի պարետային ժամ յայտարարումէն ետք: