Խանդավառ մթնոլորտի մէջ իր պսակումը ունեցաւ Դպրեվանքեան Երկուշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2015-ը, որովհետեւ Տեսուչէն մինչեւ վանքի խոնարհագոյն դպիրը հաւաքուած էին միասին, զարդարելու համար աշխարհի խաղաղութեան նուիրուած Դպրեվանքի տօնածառը։ Շէնշող երգերով ու երաժշտութեամբ, խմբային պարերով ու քաղցր կանչերով Դպրեվանքի ուսանողները Դպրեվանքէն ներս հռչակեցին Նոր Տարուան եւ Սուրբ ծննդեան բարեբաստիկ տօներուն սկիզբը։