Կը փակենք 2020 թուականի էջը, որ համայն մարդկութեան ու յատկապէս Հայ ժողովուրդին համար եղաւ աղէտաբեր տարի մը: Հայաստանն ու Արցախը կ'ապրին ծանր ու դժուարին օրեր, իսկ Սփիւռքի մէջ հայութիւնը կը դիմագրաւէ նորանոր մարտահրաւէրներ:
Համաճարակին դէմ պայքարը չաւարտած, Արցախը դարձաւ թիրախը՝ Ատրպէյճանա-թրքական յարձակման ու 44 օրեայ լայնածաւալ պատերազմի ընթացքին, հակառակ hայ զինուորի հերոսական դիմադրութեան, կրեցինք մեր պատմութեան վերջին հարիւրամեակի ամենէն ծանր պարտութիւնը, այդ ընթացքին տալով հազարաւոր զոհեր ու վիրաւորներ:
Այժմ կը գտնուինք մեր վէրքերը ամոքելու, ժողովուրդի ու բանակի բարոյականը վերականգնելու և հայրենիքի կայունութիւնը ապահովելու հրամայականին առջեւ, իսկ այդ կը կարօտի ներքին համերաշխութեան ու համախմբուածութեան, որոնք դժբախտաբար կը բացակային այս օրերուն:
Մինչ Սուրիահայութիւնը տակաւին կը կրէ չաւարտած քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքները, Լիբանանահայութիւնը ենթարկուեցաւ յաջորդական հարուածներու: Երկրի դիմագրաւած տնտեսական ծանր տագնապներուն վրայ եկաւ աւելնալու մայրաքաղաք Պէյրութի նաւահանգիստէն ներս պատահած հսկայ պայթումը, որ պատճառ դարձաւ մարդկային ու նիւթական ծանր կորուստներու: Մեծ վնասներ կրեցին մեր ազգային ու կրթական հաստատութիւնները, որոնց վերականգնումը կը կարօտի երկարամեայ աշխատանքի ու նիւթական միջոցներու:
Այսպիսի տագնապալի պայմաններու տակ է, որ կը դիմաւորենք նոր տարին, սակայն կը հաւատանք, որ մենք մեր մէջ ուժն ու վճռակամութիւնը պիտի գտնենք յաղթահարելու մեր առջեւ ծառացած բազում մարտահրաւէրները ու վերականգնելու մեր վիրաւոր արժանապատուութիւնը:
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, ինչպէս իր 134-ամեայ հարուստ պատմութեան ընթացքին, կը շարունակէ մնալ Հայաստանի պետականութեան եւ ժողովուրդի կողքին ու պատրաստ է իր մասնակցութիւնը բերելու վերազարթնումի ու ազգային համերաշխութեան մթնոլորտ ստեղծելուն միտուած բոլոր նախաձեռնութիւններուն:
Տօնական այս օրերուն, անգամ մը ևս կը խոնարհինք մեր նահատակ զինուորներու յիշատակին առջև, կը մաղթենք մեր գերիներուն և անյետ կորածներուն շուտափոյթ վերադարձ եւ անոնց հարազատներուն՝ համբերութիւն, ուժ և կորով:
Նոր Տարուայ եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով կը շնորհաւորենք մեր բոլոր հայրենակիցներուն և կը յուսանք, որ 2021 թուականը կ'ըլլայ խաղաղութեան, առողջութեան և բարեբերութեան տարի մը:
ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութիւն
01/01/2021