Փրկութեան կաթսան. Պետրոսեանները այսպէս կ՛անուանեն այն կաթսան, որուն շնորհիւ իրենց Զարօ մեծ մայրիկը Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ փրկուած է թրքական եաթաղանէն, իսկ ամուսնանալէ յետոյ որպէս իր փրկութեան խորհրդանիշ` օժիտ ստացած է հօրմէն:

«Տատիկիս հայրը Վանի Պախուանց գիւղէն 1915 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ կաթսան թելերով կապած է, դրած ուսերուն եւ հինգ տարեկան աղջիկը մէջը թաքցնելով` բերած է մինչեւ Էջմիածին: Այնուհետեւ կաթսան տատիկս յանձնած է թոռներուն` խնդրելով այն փոխանցել իրենց սերունդներուն: Այժմ կաթսան մեր գերդաստանի համախմբման խորհրդանիշը դարձած է,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է թոռներէն Զարուհի Պետրոսեան` աւելցնելով, որ իրենց տատը, հակառակ փոքր հասակին, ամենայն մանրամասնութեամբ յիշած է գաղթի ճանապարհի ահասարսուռ տեսարանները:

Պարզ դարձած է նաեւ, որ տարին քանի մը անգամ Զարօ տատիկի թոռնիկեը կը հաւաքուին այս կաթսային շուրջ ու յատուկ արարողակարգով կը նշեն օրը. կ'ուտեն տատիկի բաղադրատոմսով պատրաստուած քրջիկը, կը յիշեն անոր պատմութիւնները եւ պարտադիր կ՛այցելելեն անոր շիրմը:
