Դատական հետապնդման տակ եղող եւ պարտադիր կեցութեան տակ գտնուող Լիբանանցի յայտնի մեծահարուստ Գարլոս Ղըսն յաջողած է խոյս տալ Ճափոնէն։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց կայանը նշելով, որ Ղըսն սեփական օդանաւի միջոցաւ արդէն իսկ հասած է Պէյրութ։
Աղբիւրը նաեւ հաղորդած է, որ ֆրանսական «Նիսան» ընկերութեան երկար տարիներու տնօրէնը խօսած է լրագրողներուն եւ յայտնած, որ իր դէմ առկայ դատական հետապնդումներն ու ճնշումները քաղաքական բնոյթ ունին յիշեցնելով, որ Ճափոնի դատական համակարգը իր խնդրով անարդար դուրս եկաւ։
Գարլոս Ղըսն նաեւ յայտնած է, որ առաջիկայ օրերուն պիտի խօսի մամուլին։