image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանցի յայտնի երաժիշտ՝ Սամիր Սըֆայրի ճակատագիրը՝ անյայտ

Լիբանանցի յայտնի երաժիշտ՝ Սամիր Սըֆայրի ճակատագիրը՝ անյայտ

 Լիբանանցի  հանրայայտ երգահան եւ երգիչ Սամիր Սըֆայրի ճակատագիրը կը շարունակէ մնալ անյայտ։

 Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն քաղեց լիբանանեան լրասփիւռներէ։

 

 Ի դէպ երէկ ամբողջ օրը եւ մասնաւորապէս  ընկերային ցանցերու մէջ տեղեկութիւններ տարածուած էին այն մասին, որ Սէուտական Արաբիա գտնուող Սըֆէյր առեւանգուած է։

 

 Աւելի ուշ եւ ըստ «Օ. Թի. Վի.» կայանին  երկու օր առաջ Սէուտցի իրաւապահներ մուտք գործած են Սըֆայրի  Ռիատ քաղաքին մէջ գտնուող բնակարանը եւ զինք տարած անյայտ ուղղութեամբ։

 Իր կարգին Սէուտական Արաբիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆաուզի Թապպարա նշած է, որ Սըֆայր հարցաքննութեան կ՚ենթարկուի իրաւապահներուն կողմէ եւ հարցաքննութեան պայմանները խիստ գաղտնի կը պահուին։

 

 

 Յիշեցնենք, որ հայրենասիրական երգերով ալ յայտնի Սըֆէյր մօտ կը համարուի Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աունի հիմնադրած «Թայար Ուաթանի»  («Ազգային  Ազատ Հոսանք») կուսակցութեան եւ տարբեր առիթներով ալ չէ թաքցուցած երկրի նախագահին մասին իր դրական կեցուածքները։