Ողիմպիական ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանը այսօր 5-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի Ախոյեան։
Ալեքսանեան, որ կը մասնակցէր քիլոկրամ քաշայիններու անուանկարգով յաղթանակ տարաւ Իտալացի Նիքոլոս Կախելաշվիլիի դէմ եւ դարձաւ հնգեակ ախոյեան։
Նշենք, որ մինչեւ եզրափակիչ հասնիլը Ալեքսանեան յաջողած էր տապալել ազգութեամբ թուրք Ջէնք Իլդեմինն ու Պուլկար Գիրիլ Միլովը։
Հայաստանն ու հայութիւնը անհամբեր կը սպասեն Եւրոպայի մեծ ախոյեանին տունդարձին։