Լիբանանեան լրասփիւռներ տեղեկութիւններ հրապարակած են այն մասին, որ Լիբանանը եւ մասնաւորապէս մայրաքաղաք Պէյրութը յայտնուած են համընդհանուր մթութեան վտանգին ընդառաջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Պընթժպայլ» կայքէն։
Աղբիւրը նաեւ հաղորդած է, որ Ֆիւլ-վառելիքի քանակութեան սպառման հետեւանքով օրերս իր աշխատանքները դադրեցուցած է «Զահրանի» ելեկտրակայանը եւ նոյն պատճառով ալ յառաջիկայ օրերուն կրնայ դադրիլ «Տէյր Ըհմար»ի կայանը։
Նշենք,որ վերջին շրջանին կառավարութեան կողմէ դրամական միջոցներ չտրամադրելու պատճառով դէպի Պէյրութ նաւթ փոխադրող ընկերութիւններ սկսած են թերանալ իրենց պարտականութիւնները կատարելուն մէջ։
Երկրի մը մէջ, որուն տնտեսական-ընկերային ամբողջական շարժը կեդրոնացած է մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ ելեկտրականութեան մատակարարման կասեցումը, կրնայ աւելիով բարդացնել առանց ատոր ալ դժուարին օրերէ անցնող Լիբանանին վիճակը: